Յօդուածներ · Թիւ 436

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԱԼՄԵԼՈՅԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐԸ

Կիրակի, 12 Յունուար 2025-ին տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ Ալմելոյի մասնաճիւղի 2025-2026 տարեշրջանի սկաուտական առաջին հաւաքոյթը։

Հաւաքոյթին աւարտին, վարչութեան անունով խօսք առաւ ատենապետ եղբ. Մասիս Վահանեան եւ ներկայ աստիճանաւորական կազմին եւ սկաուտներուն բարի երթ մաղթեց իրենց յառաջիկայ աշխատանքներուն համար։

Ապա, եղբ. Վահանեան վարչութեան որոշումով փոխանցեց մասնաճիւղի եւ միաւորի խմբապետներուն նոր պաշտօնները.-

  • եղբ. Յակոբ Գասպարեան- Մասնաճիւղի Խմբապետ
  • Եղբ. Ռազմիկ Արամեան- Ա. միաւորի Խմբապետ
  • Քոյր Մարիամ Մխիթարեան- Բ. միաւորի Խմբապետուհի

Թիւ 436 · PDF ↓