Յօդուածներ · Թիւ 437

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԳԱՄԻՇԼԻԻ ԵՒ ՀԱՍԻՉԷԻ ՍԿԱՈՒՏՆԵՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 110-ԱՄԵԱԿԻՆ ՋԱՀԵՐԹԻՆ ԵՒ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ

Կիրակի, 27 Ապրիլ 2025-ին, Հասիչէի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակի ջահերթը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչները, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գամիշլիի մասնաճիւղի վարչութիւնն ու Սկաուտ. Խորհուրդը, Գամիշլիի շեփորախումբն ու սկաուտները, ինչպէս նաեւ Հասիչէի նորակազմ միաւորին սկաուտները։

Նոյն օրը երեկոյեան տեղի ունեցաւ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակի հանդիսութիւնը, ուր ազգային երգերով ելոյթ ունեցան Հասիչէի սկաուտները։

Թիւ 437 · PDF ↓