Յօդուածներ · Թիւ 435

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 106-ԱՄԵԱԿԻՆ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ ԵՒ ԾԱՂԿԵՄԱՏՈՅՑ՝ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԻՆ ՈՒ ՆՈՐ ՆՆՋԵՑԵԱԼՆԵՐՈՒ ԵՒ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մակար Արք. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի 106-ամեակին առիթով, միութեան հին ու նոր ննջեցեալներու եւ նահատակներու յիշատակին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Կիրակի, 3 Նոյեմբեր 2024-ի առաւօտուն, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ 

Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչերեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան Սուրիոյ անդամ եղբ. Աւետիս Տէրվիշեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յարութ Օգճեան եւ Շրջանային Վարչութեան անդամներ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդն ու Խմբապետութիւնը, Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ եւ տարազաւոր սկաուտներ։

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց Արմէն Աբղ. Գալաճեան։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օրուան պատգամը ուղղեց ժողովուրդին։ Ան յիշեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքի շարքերէն ներս ծառայած եւ զոհողութեամբ գործած ննջեցեալները եւ սուրիահայ նահատակները, որոնք աստուածային լոյսը ունենալով իրենց մէջ, իրենց հանգիստէն հեռու՝ ուրիշին հանգիստը փնտռեցին, հայրենիքի նուիրագործուած հողի պաշտպանութիւնը իրենց կեանքէն աւելի գերադասեցին եւ սիրայօժար կերպով իրենց կեանքը զոհեցին մեր հայրենիքին եւ ժողովուրդին բարիքին համար։

Առաջնորդ Սրբազանը հայցեց, որ Ամենակալը իր անսահման ողորմութեան եւ հայրական գիրկին մէջ ընդունի բոլոր ննջեցեալները եւ նահատակները, լոյս խորաններու մէջ հանգչեցնէ անոնց հոգիները եւ մեզի քաջութիւն տայ, որպէսզի ընթանանք իրենց ճանապարհէն։

Պատարագէն ետք, Սրբազան Հօր նախագահութեամբ հոգեհանգսեան պաշտօն կատարուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հին ու նոր ննջեցեալներուն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական նահատակներու հոգիներու խաղաղութեան համար:

Հոգեհանգստեան պաշտօնէն ետք, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղի շեփորախումբին եւ տարազաւոր սկաուտներու առաջնորդութեամբ, ներկաները ուղղուեցան Ազգ. գերեզմանատուն, ուր հալէպահայ նահատակներու յուշակոթողին, ապա նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի դամբարանին դիմաց համախմբուելով ծաղկեմատոյց եւ մոմավառութիւն կատարեցին եւ աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած։ Շրջանային Վարչութեան խօսքը արտասանեց եղբ. Յովիկ Սիւլահեան, ապա Հալէպի մասնաճիւղի շեփորախումբը նուագեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Յառաջ նահատակ» քայլերգը։

Յաւե՜րժ փառք Հ.Մ.Ը.Մ.ի նահատակներուն եւ բիւր յարգանք անոնց վաստակին:

Թիւ 435 · PDF ↓