Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ 54-ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐԸ ՆՈՐ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆԵՐՈՎ ՈԳԵՒՈՐԵՑԻՆ ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐԸ ԵՒ ՇՐՋԱՆԻ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Աւստրալիոյ շրջանի աւանդութիւն դարձած Նաւասարդեան մարզախաղերը տեղի ունեցան 25-28 Դեկտեմբեր 2024-ին, «Hills Basketball» դաշտին վրայ, ուր ներկայ հայութիւնը վերապրեցաւ մեր ժողովուրդի փառահեղ անցեալի պատմութիւնը, վայելեց հայկական եւ ազգային աւանդական երաժշտութիւն եւ ականատեսը դարձաւ մեր երիտասարդներու յաղթանակներուն, որոնք զարդարուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի յաղթանակի մետալներով։
Նաւասարդեան 54-րդ մարզախաղերու յաղթանակի տողանցքը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 26 Դեկտեմբերի կէսօրէ ետք ժամը 3-ին, մասնակցութեամբ 800 մարզիկներու, Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու, ծնողներու, համակիրներու եւ զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու։
Պաշտօնական արարողութիւնը սկսաւ դրօշակակիրներու շքերթով։ Դրօշակները առաջնորդեցին շրջանի «Անդրանիկ», «Արաքս», «Նաւասարդ» եւ «Արարատ» մասնաճիւղերը ներկայացնող մարզիկներ։ Ապա, շքերթը շարունակուեցաւ դէպի գլխաւոր սրահ, ուր Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզիկները կատարեցին քայլերգներ, որոնք աւելի տպաւորիչ դարձուցին օրուան մթնոլորտը։ Արարողութեան գլխաւոր հանդիսավար քոյր Զարմիկ Քէյվանեան այս միջոցին ներկայացուց իւրաքանչիւր մասնաճիւղի պատմութիւնը եւ ձեռք բերած յաջողութիւնները։ Ան նաեւ շեշտեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան գլխաւոր նպատակները՝ երիտասարդութեան հայեցի դիմագիծի կերտում եւ աշխարհով մէկ ցրուած խումբերու համախմբում մարզական մէկ դրօշի տակ։ Քոյրը նաեւ անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ Հ.Մ.Ը.Մ. աւելի մէկ դարէ ի վեր, մարզական շարժումի եւ սկաուտութեան ճամբով կը պահպանէ ազգային մեր արժէքները եւ նորահաս սերունդները հեռու կը պահէ ձուլման վտանգէն։
Այնուհետեւ, արարողութիւնը շարունակուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզիկի երդումով։ Երդումը կատարեց եղբ. Ժիրայր Պապիկեան։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ քոյր Ցոլին Քէշիշեան յայտարարեց Նաւասարդեան մարզախաղերու պաշտօնական բացումը։ Ան իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ ինչ ալ ըլլան դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները, Հ.Մ.Ը.Մ.ը միշտ կը մնայ երիտասարդ, կենսունակ եւ խանդավառ միութիւն՝ աւելի լաւ ապագայի յոյս ներշնչելով բոլորին։
Արարողութեան պաշտօնական բաժինը եզրափակուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Տիրան Վահրատեանի խօսքով։ Եղբ. Վահրատեան իր խօսքին սկիզբը նշեց, որ «Ուրախութիւն է տեսնել այսքան մեծ թիւով խումբեր եւ մարզիկ-մարզիկուհիներ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան 54-րդ մարզախաղերու բացման հանդիսութեան։ Այսքան մեծ ներկայութիւն կը նշանակէ մեծ վստահութիւն Հ.Մ.Ը.Մ.ի հանդէպ։ Մեծ կապուածութիւն այս միութեան աշխատանքին եւ մեծ սէր ու յարգանք անոր նպատակին»։
Ապա, ան նկատել տուաւ, որ «Հ.Մ.Ը.Մ.ի համար այս մարզախաղերը, ինչպէս բոլոր խաղերը եւ սկաուտական ձեռնարկները, միջոց են։ Նպատակը այս պատանի-երիտասարդ տղաքն ու աղջիկները իրարու քով բերելն է, մէկ հաւաքականութեան, մէկ ժողովուրդի պատկանելու գիտակցութիւնը փոխանցելն է, որպէսզի անոնք այս խաղերէն տուն վերադառնան աւելի հայացած, աւելի խանդավառուած եւ ազգային հպարտութեամբ լեցուած։
«Այս տղաքը կրնային հոս չըլլալ եւ իրենց հանգիստին ու հաճոյքին համար բոլորովին այլ տեղ ըլլալ,- շեշտեց ան,- բայց անոնք նախընտրեցին, նաեւ իրենց ծնողները նախընտրեցին, որ անոնք այսօր հոս ըլլան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ ըլլան, հայեցի մթնոլորտի եւ միջավայրի մէջ ըլլան։ Ապրի՛ք տղաք։ Շարունակեցէք մնալ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ, մինչեւ որ օրին մէկը դուք նստիք ձեր ծնողներուն տեղ եւ ձեր զաւակները ըլլան այս դաշտին մէջ։
«Այս է Հ.Մ.Ը.Մ.ը։ Սերունդներու շարունակութիւնն է Հ.Մ.Ը.Մ.ը եւ անոր համար ալ ան երբեք չի ծերանար, որովհետեւ միշտ կու գան նորերը», հաստատեց եղբ. Վահրատեան։
Վերջապէս, եղբ. Վահրատեան յայտնեց, որ «Հ.Մ.Ը.Մ.ը դպրոց է, ուր մտնողը կը սորվի բազմաթիւ դասեր։ Կարգապահութիւնը այդ դասերէն մէկն է։ Այլ դասեր են համեստութիւնը, երկխօսութիւնը, համբերութիւնը, փոխադարձ յարգանքը, միութեան համար անհատական եսերու զոհողութիւնը եւ միայն ու միայն միութեան շահերուն համար աշխատիլը։ 2025-ը, շրջանի հիմնադրութեան 60-ամեակի տարին թող ըլլայ Հ.Մ.Ը.Մ.ական դասերու վերյիշեցման տարի։ Թող ըլլայ այդ դասերով գործելու տարի։ Թող ըլլայ 60 տարուան իմաստութեամբ աշխատանքի տարի»
։
Յայտնենք, որ չորսօրեայ մարզախաղերու աւարտին տեղի ունեցաւ Նաւասարդեան յաղթանակի պարահանդէսը, մասնակցութեամբ 600 պատանի-երիտասարդ մարզիկներու, որոնք տօնեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի յաղթանակը՝ բարձր պահելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի վարկն ու յաղթանակի բաժակները։










