Յօդուածներ · Թիւ 435

«HRASHQ HEROES. A Special Place to Grow» ՕԳՏԱԿԱՐ ԵՒ ԵԶԱԿԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Նոյեմբեր 2024-ին, Լաս Վեկասի մէջ լոյս տեսաւ պատանի Րաֆֆի Պօղոսեանի «HRASHQ HEROES. A Special Place to Grow» անգլերէն պատկերազարդ գրքոյկը՝ նուիրուած յատուկ խնամքի կարօտ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Հրաշք» բաժանմունքի երեխաներուն։

Րաֆֆի Պօղոսեան երկրորդականի աշակերտ է Լոս Անճելըսի մէջ։ Ան «Հրաշք» բաժանմունքի կամաւոր մարզիչներէն մէկն է եւ այս գրքոյկով իր փորձառութիւնը կը ներկայացնէ երեք երեխաներու՝ Սէմի, Ուիլիըմի եւ Նոայի հետ իր գործակցութեան։ Իբրեւ մարզիչ, Րաֆֆի անոնց կ’աջակցի պասքեթպոլի եւ աթլեթիզմի խաղերու ընթացքին, կ’ուրախացնէ զանոնք եւ կ’ուրախանայ անոնցմով։ Ան կը հաստատէ, որ ամէն մէկս իւրայատուկ է իր ձեւով. մեծնալու եւ մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու համար բոլորս օժանդակութեան եւ առաջնորդութեան կարիքը ունինք։ Հետեւաբար, ան կ’եզրակացնէ, թէ կարեւոր է ունենալ ընկերութիւն մը, որ կ’աջակցի մեզի եւ կը տօնէ մեր յաղթանակները, երբ կը յաղթահարենք մեր դիմաց ցցուած մարհահրաւէրները։

Գրքոյկը հրատարակուած է անձնական նախաձեռնութեամբ եւ վաճառքին ամբողջ հասոյթը պիտի տրամադրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Հրաշք» բաժանմունքին։

Թիւ 435 · PDF ↓