ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ՃԱՆ ԵՒ ՍԻՆԹԻԱ ԱՆՏՈՆԵԱՆՆԵՐ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ 48-ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐՈՒ ԵՒ ՓԱՌԱՏՕՆԻ ՊԱՏՈՒՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան 48-րդ մարզախաղերն ու փառատօնը այս տարի դարձեալ մեծ շուքով պիտի կազմակերպուին՝ շնորհիւ Նաւասարդեան 48-րդ մարզախաղերու պատուոյ նախագահներ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբ. Ճան եւ Քոյր Սինթիա Անտոնեաններուն, կրկին ոգեւորելու համայնքին մարզիկները, սկաուտները, երիտասարդներն ու անդամները: Տէր եւ տիկին Ճան եւ Սինթիա Անտոնեանները գոհունակ սիրտով յանձն առին այս հովանաւորութիւնը, ի նշան իրենց անխախտ նուիրումին Հ.Մ.Ը.Մ.ին եւ անոր բարձրարժէք սկզբունքներուն՝ թէ՛ շրջանի եւ թէ՛ համաշխարհային մակարդակի վրայ։
«Հ.Մ.Ը.Մ.ը մեր երակներուն մէջ կը հոսի՝ սերունդէ սերունդ փոխանցուելով», կը շեշտեն Անտոնեանները՝ ընդգծելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի խոր ազդեցութիւնը հայութեան կեանքին մէջ։ Քոյր Սինթիա կը յիշէ իր հօր՝ Պէյրութի Հ.Մ.Ը.Մ.ին մէջ յիսուն տարի շարունակ կատարած նուիրեալ ծառայութիւնը, մինչ եղբ. Ճան իր Հ.Մ.Ը.Մ.ական ուղին սկսած է Հալէպի մէջ, իբրեւ սկաուտ՝ նախքան ընտանիքին հետ 1970-ական թուականներուն Հոլիվուտ հաստատուիլը։ Այս նուիրեալ ժառանգութիւնը կը շարունակուի նաեւ «Գէորգ Անտոնեան» սրահի միջոցով, որ կը գտնուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Մ. Նահանգներու շրջանի կեդրոնին մէջ եւ կոչուած է եղբ. Ճանի հանգուցեալ հօր ի պատիւ։ Հետաքրքրական է, որ եղբ. Ճան Անտոնեանը ընտանիքին երրորդ զաւակն է, որ կը ստանձնէ Նաւասարդեան խաղերու պատուոյ նախագահի տիտղոսը։
Քոյր Սինթիա յատկապէս կը շեշտէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի բացառիկ ներուժը. «Ընկերային միջավայրն ու պատկանելիութեան զգացումն է»։ Այս արժէքը կերտած է ամուր բարեկամութիւններ եւ ստեղծած է ապահով մթնոլորտ՝ երիտասարդութեան եւ ընտանիքներուն համար։ Երբ Անտոնեան ընտանիքը իր արմատները հաստատեց Լոս Անճելըսէն մինչեւ Սան Տիէկօ, ականատես եղաւ, թէ ինչպէ՛ս Հ.Մ.Ը.Մ.ը կը միաւորէ տեղական հայկական համայնքը եւ կը նպաստէ անոր զօրացման։
«Բարձրացի՛ր-բարձրացուր» նշանաբանը միշտ ալ եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաջնորդող սկզբունքը, որուն մասին եղբ. Ճան կը նշէ. «Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաքելութիւնը այն է, որ մենք իրարու աջակցելով կը բարձրացնենք զիրար, որպէսզի իւրաքանչիւր անհատ յաջողի եւ իր ներդրումը բերէ համայնքի կեանքին»։
1975-էն ի վեր Նաւասարդեան խաղերը դարձած են Քալիֆորնիոյ հայ համայնքի մարզական մեծագոյն իրադարձութիւնը, հիւրընկալելով 3,200 մարզիկ, 1,100 սկաուտ եւ 35,000 հանդիսատես։ Այս աշխոյժ եւ կենսունակ համախմբումը կենդանի ապացոյցն է Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաքելութեան, որ նպատակ ունի զարգացնել եւ խրախուսել նորահաս սերունդի ֆիզիքական, բարոյական եւ ընկերային դաստիարակութիւնը։
«Մենք մեր զաւակները տարիներ շարունակ Հ.Մ.Ը.Մ.ի զանազան ձեռնարկներու կը տանէինք, եւ այդ փորձառութիւնները անոնց առիթ տուին ստեղծելու բարեկամութիւններ, որոնք տեւեցին չորս տասնամեակէն աւելի», կը շեշտէ քոյր Սինթիան՝ ընդգծելով միութեան բազմաթիւ սերունդներու վրայ ունեցած ազդեցութիւնը եւ անոր դերը իբրեւ ապահով վայր՝ բոլորին համար։
Անտոնեանները իրենց բարձր գնահատանքը կը յայտնեն նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Հրաշք» ծրագիրին, որ ուղղուած է յատուկ կարիքներ ունեցող երեխաներուն։ Եղբ. Ճան ներկայ եղած է «Հրաշք» բաժանմունքի փորձին եւ ականատես եղած է, թէ ինչպէս շուրջ 60 երեխաներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը տարբեր տաղանդներով օժտուած է, կը միանան մարզական յատուկ մթնոլորտի մէջ՝ ստեղծելով անմոռանալի պահեր։ Ան շեշտեց ծնողներու ներգրաւուածութեան կարեւորութիւնը այս ծրագիրի յաջողութեան մէջ, ինչպես նաեւ միասնութեան եւ դիմադրողականութեան զարգացումը Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ։
Իբրեւ պատուոյ նախագահներ Անտոնեանները կը տեսնեն Հ.Մ.Ը.Մ.ի պայծառ ապագան՝ յատկապէս սկաուտական ծրագիրներու ընդլայնման, մարզական կեանքի զարգացման եւ համայնքային ներգրաւածութեան ամրապնդման ճամբով։ Անոնք համոզուած են, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի արժէքները պէտք է պահպանուին, որպէսզի յառաջիկայ սերունդները եւս գտնեն իրենց տեղը միութեան մէջ եւ դառնան համայնքի ղեկավարներ։