«ՀՐԱՇՔ»Ի ԵՐԿՐՈՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐԸ 206 ՄԱՍՆԱԿԻՑՈՎ, ԵՐԵՒԱՆԻ ՈՒ ՍՊԻՏԱԿԻ ՄԷՋ

Հաշմանդամային (փարալիմփիք) խաղերը նորութիւն են Հ.Մ.Ը.Մ.ին համար։ Առաջին անգամ անոնք կիրարկուեցան միութեան 100-ամեակին, Արեւմտեան Մ. Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան կազմակերպած յատուկ մարզախաղերուն, որոնց օրին տրուեցաւ «Հրաշք» անունը։

Մարզախաղերէն ետք, Շրջանային Վարչութիւնը յառաջացուց «Հրաշք» բաժանմունքը՝ մնայուն ուշադրութեան արժանացնելու համար յատուկ խնամքի կարօտ պատանիներու եւ երիտասարդներու շրջանակ մը, որ ակամայ հեռու մնացած է մարմնամարզէն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ճամբով կրնայ աստիճանաբար համարկուիլ իր շրջապատին մէջ, քաջութեամբ, յարատեւութեամբ եւ ամէն տեսակի սահմանափակում շրջանցելու կարողութեամբ։

«Հրաշք»ի փորձառութիւնը, անցնող եօթը տարիներուն, մասնագէտներու աչալուրջ հսկողութեամբ եւ ծնողներու հետեւողական աջակցութեամբ, Մ. Նահանգներու մէջ արձանագրեց յուսադրիչ յաջողութիւն եւ հասաւ մինչեւ… 2022-ի համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ մարզախաղեր, իբրեւ նորութիւն, փորձարկուելու եւ այնուհետեւ իր մնայուն տեղը ունենալու համար մարզախաղերու յայտագիրին մէջ։

Այս նպատակով, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 12-րդ մարզախաղերու կազմակերպիչ մարմինը յառաջացուց «Հրաշք»ի խաղերով զբաղող յատուկ յանձնախումբ մը՝ գլխաւորութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան անդամ քոյր Վանիա Մովսէսեանի, անդամներ Վիքա Եսայեանի եւ Թալին Բաղումեանի՝ Հայաստանէն եւ Սալբի Փօլատեանի, Քաթրին Մաթեւոսեանի եւ Ատրին Քալինճեանի՝ Արեւմտեան Մ. Նահանգներէն։

Յանձնախումբին կողքին յառաջացաւ 30 կամաւորներէ բաղկացած խմբակ մը (15-ը Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.էն, մնացեալը Կիւմրիէն եւ Արեւմտեան Մ. Նահանգներէն), որուն անդամները անսահման նուիրումով եւ մեծ հոգատարութեամբ ընկերացան խաղերու մասնակիցներուն, օգնեցին անոնց խաղերու մասնակցութեան եւ տեղէ տեղ փոխադրութեան։

«Հրաշք»ի 206 պատանիներն ու երիտասարդները, իրենց ընկերացող օժանդակ կամաւորներով եւ յատուկ թի-շըրթներով, ներկայ գտնուեցան մարզախաղերու բացման հանդիսութեան եւ զայն նախորդած պաշտօնական տողանցքի մէկ մասին։

Խաղերը տեղի ունեցան երկու օրուան տեւողութեամբ՝ 28 եւ 30 Յուլիս 2025-ին, Երեւանի թիւ 17 յատուկ դպրոցին եւ Սպիտակի Տարածքային Մանկավարժա-հոգեբանական Աջակցութեան Կեդրոնին մէջ։ Մրցումներուն մասնակցեցան Հայաստանի զանազան շրջաններէն (Երեւան, Սպիտակ, Վանաձոր, Կիւմրի, Տաշիր, Ստեփանաւան) եւ Արցախէն 200 պատանի-երիտասարդներ, պատանի մը Լիբանանէն (Սերժ Սեմիզեան) եւ 5 պատանիներ Արեւմտեան Մ. Նահանգներէն։ Ընդամէնը 206 մասնակից (նախորդ մարզախաղերուն կը մասնակցէին 184 պատանի-երիտասարդներ)։

Յայտնենք, որ Լիբանան առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցէր այս մարզախաղերուն, իսկ Արեւմտեան Մ. Նահանգներու 5 պատանիներուն կ’ընկերանային անոնց ծնողները, «Հրաշք» բաժանմունքի ներկայացուցիչ քոյր Սալբի Փօլատեան, մարզիչ քոյր Գաթրին Մաթեւոսեան, յանձնախումբի անդամ քոյր Ատրինէ Քալինճեան եւ կամաւոր մարզիչ եղբ. Քրիս Գրաճեան։
Խաղերը ընդգրկեցին վազք՝ առանձին եւ սայլակով, պարան քաշել, պասքեթպոլ եւ ֆութպոլ։

Խաղերու աւարտին, առաջին եւ երկրորդ օրը, մասնակիցները հաւաքուեցան զիրենք հիւրընկալած կեդրոններու սրահներուն մէջ, ուր տեղի ունեցաւ մրցանակակիրներու եւ մասնակցութեան մետալներու բաշխում՝ ձեռամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու, որոնք այս առիթով յիշատակելի քանի մը ժամ անցուցին «Հրաշք»ի պատանիներուն եւ երիտասարդներուն հետ։

Մետալներու բաշխումէն առաջ, սակայն, անակնկալ մը վերապահուած էր մասնակիցներուն։ Խաղերուն կազմակերպիչ յանձնախումբը հրաւիրած էր մանկապատանեկան խումբեր՝ ուրախացնելու հասար «Հրաշք»ի մասնակիցները։ Այսպէս, Երեւանի մէջ, «Աղասի» խումբը ներկայացուց Յովհաննէս Թումանեանի «Բարեկենդան»ը, իսկ Սպիտակի մէջ՝ տեղւոյն «Մշակոյթի Տուն»ը հրամցուց «Կարմիր գլխարկիկ»ը։ Ուրախալի էր, որ «Հրաշք»ի մասնակիցներէն ոմանք, իրենց կարգին, հանդէս եկան գեղարուեստական ելոյթներով (երգ, նուագ, ասմունք, մարզաձեւեր)։

Անգամ մը եւս իր վրայ ուշադրութիւն հրաւիրեց Արեւմտեան Մ. Նահանգներէն Քրիստիան Քալինճեան, որ տիրացաւ 50 եւ 100 մեթր վազքի արծաթ մետալներուն։ Երեք տարի առաջ, Քրիստիան արժանացած էր 2 ոսկի (պասքեթպոլ եւ 50 մեթր վազք) եւ 1 պրոնզ մետալի (25 մեթր վազք)։

Քրիստիանի խմբակիցներէն Յակոբ Գրաճեան տիրացաւ 1 ոսկի (ֆութպոլ) եւ 1 պրոնզ մետալի (պասքեթպոլ), մինչ Էլիանա Վահրամեան ձեռք ձգեց 3 պրոնզ մետալ՝ 100 մեթր վազքի, ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի մրցումներուն։ Ալէք Յունանեան ապահովեց մարզախաղերու մասնակցութեան մետալ։

Մարզախաղերուն «աստղը» հանդիսացաւ դարձեալ Արեւմտեան Մ. Նահանգներու շրջանէն Գեւըն Գարիմեան, որ տիրացաւ 50 եւ 100 մեթր վազքի ոսկի մետալներուն եւ պասքեթպոլի արծաթ մետալին։