ՆՇՈՒՄՆԵՐ
ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ- Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 12-րդ մարզախաղերու մեծագոյն պատուիրակութիւնը Աւստրալիոյ պատուիրակութիւնն էր՝ 116 անդամ։ Մարզախաղերու 44 տարուան պատմութեան մէջ չորրորդ մեծագոյն պատուիրակութիւնը։ 2017-ի համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 10-րդ մարզախաղերուն, Արեւմտեան Մ. Նահանգներու պատուիրակութիւնը ունէր 192 անդամ, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի պատուիրակութիւնը՝ 144 անդամ, իսկ Լիբանանի պատուիրակութիւնը՝ 132 անդամ։
Ուշագրաւ է, որ մարզախաղէ մարզախաղ Աւստրալիոյ շրջանը արձանագրած է մասնակիցներու թիւի մեծ աճ։ 2013-ին շրջանը 9-րդ մարզախաղերուն մասնակցած է 24 հոգինոց պատուիրակութեամբ, 2017-ին՝ 68, 2022-ին՝ 74, իսկ 2025-ին՝ 116։
Աւստրալիոյ պատուիրակութիւնը այս մարզախաղերուն ունէր նաեւ մարզիկներու հետ Երեւան ժամանած ծնողներու մեծագոյն թիւը։ Կ’արժէ նշել, որ ֆութսալի աղջկանց աւարտական մրցումին, որ իրարու դէմ հանեց Աւստրալիոյ (1) եւ Հարաւային Ամերիկայի խումբերը, ներկայ գտնուեցաւ եւ Աւստրալիոյ համակիրներուն հետ խումբը քաջալերեց թեմի նախկին Առաջնորդ Հայկազուն Արք. Նաճարեանը, որ այս առիթով յիշատակի նկար մըն ալ նկարուեցաւ խումբին հետ։
ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐԸ- Քանի մը մարզախաղէ սովորութիւն է պատրաստել եւ բանուկ փողոցներու մէջ տեղադրել մարզախաղերը ծանօթացնող ծանուցումներ։ Այս անգամ ծանուցումները պատրաստուեցան մասնակիցներու նկարներով եւ Արցախի պէճը կրող տարազներով։
Ծանուցումները տեղադրուեցան Էջմիածինի խճուղիին վրայ (մեծ վահանակ) եւ Երեւանի զանազան փողոցներուն մէջ՝ Աբովեան, Թումանեան, Տէրեան (ելեկտրոնային փոքր վահանակներ)։ Ու պատահեցաւ, որ ծանուցումին համար նկարուած մարզիկները գտան իրենց լուսանկարները եւ… դարձան լաւ յիշատակ։
ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆԵՐ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ- Մարզախաղերու բացումէն երկու օր ետք, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գանատայի պատուիրակութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Գանատայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Մանուէլ Քէօսէեանի, այցելեց Հայաստանի մէջ Գանատայի դեսպանատուն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզական յուշադրօշը յանձնեց դեսպան Էնտրու Թրնըրի։
Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանսի եւ Մարսէյի պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչները, իրենց կարգին, այցելեցին Հայաստանի մէջ ֆրանսական դեսպանատուն, տեսակցեցան դեսպան Օլիվիէ Տեքոթինէի հետ եւ անոր նուիրեցին իրենց տարազներէն եւ յուշադրօշներէն մէկական օրինակներ։
«ԿԱՐՄԻՐՆԵՐԸ» ԵՒ «ԿԱՆԱՉՆԵՐԸ»- Մարզախաղերու մասնակիցները կրեցին զանազան գոյներով թի-շըրթներ՝ մարզիկները գոյն մը, մարզիչները՝ այլ գոյն, վարչական պատասխանատուները՝ ուրիշ մը, կեդրոնական մարզական յանձնախումբի անդամները՝ տարբեր գոյն, Կեդրոնական Վարչութեան անդամները՝ բոլորովին այլ։
Բոլոր գոյներէն ամէնէն աւելի իրենց վրայ ուշադրութիւն հրաւիրեցին «կարմիրները» եւ «կանաչները»։
«Կարմիրները» մարզախաղերու քարոզչութիւնը ընկերային ցանցերով կատարող քոյրերն ու եղբայրներն էին, որոնք վայրկեանը-վայրկեանին, ժամը-ժամուն նիւթեր (կարճ տեսանիւթներ, Story-ներ, Reel-եր եւ Post-եր) կը պատրաստէին ու կը տարածէին։ 15 հոգինոց խմբակ մըն էին անոնք, որոնք կը գործէին Հ.Մ.Ը.Մ.ի տեղեկատուական արհեստագիտութեան պատասխանատու եղբ. Շանթ Տէմիրճեանի գլխաւորութեամբ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի քարոզչական գրասենեակի գործավար եղբ. Յարութ Մարկոսեանի աջակցութեամբ։
«Կանաչները» մարզախաղերու կամաւորներն էին, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի եւ Հ.Մ.Ը.Մ. Արցախի 87 անդամները, որոնք ամէն տեղ էին. պանդոկներու մէջ, մարզադաշտերու վրայ, փոխադրակառքերու մէջ, միշտ պատրաստ՝ դիւրացնելու կազմակերպչական-գումակային բոլոր ձեւի աշխատանքները։ Մարզախաղերու աւարտին, յաղթանակի պարահանդէսին, անոնք արժանացան յատուկ հաւաստագիրներու եւ մետալներու։ «Կանաչները» նաեւ նիւթ դարձան յատուկ տեսանիւթի մը, պատրաստուած՝ «կարմիրներուն» կողմէ։
ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐՈՒ ԼՈԿՈՆ- Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 12-րդ մարզախաղերը, ինչպէս նախորդները, ունեցան իրենց լոկոն, զոր պատրաստեց Հ.Մ.Ը.Մ. Պէյրութի անդամ եղբ. Հրանդ Եունիսէս։
Լոկոն բաղկացաւ հետեւեալներէն.-
ա) Արագիլ- տուն դարձի խորհրդանիշ թռչունը, որ ուր ալ երթայ իր տունը՝ բնակութեան վայրը կը վերադառնայ եւ բունին վրայ կը թառի։
Լոկոյին մէջ արագիլը կը խորհրդանշէր հայութիւնը, անմիջականօրէն Արցախ տուն դարձի եւ հեռակայ իմաստով՝ հայրենիք վերադարձի խորհրդանիշով։
բ) Երեք կլորներ- կարմիր-կապոյտ-նարնջագոյն կլորները խորհրդանշեցին հայութեան եռամիասնութիւնը՝ Սփիւռք-Հայաստան-Արցախ։ Այս երեքին միացումով արագիլը պիտի վերադառնայ իր տունը, հայութիւնը՝ իր հայրենիքը։
Հետեւաբար, մարզախաղերու լոկոն կը ներկայացնէր Հ.Մ.Ը.Մ.ի ազգային տեսլականը՝ եռամիասնութեամբ հայրենիք վերադարձի գաղափարը։
«ՎԱՐԴԱՎԱՌ, ՎԱՐԴԱՎԱՌ»- Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 12-րդ մարզախաղերուն չորրորդ օրը, որ Կիրակի ըլլալով հանգիստի օր էր, զուգադիպեցաւ Վարդավառի՝ հայկական ամառնային ամէնէն սիրելի տօնին։ Այդ օր, աշխարհի չորս ծագերէն Հայաստան ժամանած մարզիկ-մարզիկուհիները առիթը ունեցան «ջրոցի խաղալու» եւ ուրախ-զուարթ ծանօթ-անծանօթները ջրելու։
Նկարները խօսուն վկայութիւններն են այդ օրուան խանդավառ մթնոլորտին։
ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ԵՐԵՒՈՅԹ- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամ եւ 1981-ի համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական առաջին մարզախաղերու մասնակից եղբ. Հրաչ Սիսեռեան երեք տարի առաջ հաստատած էր իւրայատուկ մրցանիշ, երբ 9-րդ անգամ ըլլալով ներկայ գտնուած էր համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերու։
Եղբ. Սիսեռեան թէեւ այս մարզախաղերուն ներկայ չգտնուեցաւ, սակայն 48 ժամով Հայաստան ժամանելով, ներկայ գտնուեցաւ մարզախաղերուն բացման հանդիսութեան եւ դարձաւ գլխաւոր ջահակիր։ Մարզախաղերու պատմութեան մէջ աննախընթաց երեւոյթ, որ միութենական մը 12 մարզախաղերէն 9-ին ներկայ գտնուի իբրեւ մարզիկ, մարզիչ, վարչական եւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, իսկ 10-րդին բացման հանդիսութեան դառնայ գլխաւոր ջահակիր։
ԿՐԿՆԱԿԻ ՎԱՅԵԼՔ- Մարզախաղերու վեցերորդ օրը, Ծիծեռնակաբերդ, Եռաբլուր եւ Ս. Էջմիածին այցելութենէն ետք, մարզական պատուիրակութիւններ եւ պատասխանատուներ կէսօրուան ճաշի համար ժամադրավայր ունեցան «Մեկերեան կարպետ»ի՝ ձեռագործ գորգերու պատրաստութեան, վերանորոգութեան եւ ցուցադրութեան կեդրոնը, Երեւանի Մատոյեան փողոց։
Կեդրոնին մէջ ճաշը դարձաւ կրկնակի վայելք, որովհետեւ հայկական աւանդական համեղ սնունդին հետ, կեդրոն այցելողները ստացան նաեւ մշակութային հոգեւոր սնունդ՝ ծանօթանալով հայ գորգարուեստի պատմական գեղեցիկ նմոյշներուն, անոնց իւրայատկութիւններուն եւ պատրաստութեան եղանակին։
Այցելողներու կարգապահութենէն եւ լրջութենէն մեծապէս տպաւորուած, կեդրոնի տնօրէն Րաֆֆի Մեկերեան չորս օր ետք, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը ճաշի հրաւիրեց կեդրոն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը պատուեց յատուկ յուշանուէրով։
Նոյն օրը, երեկոյեան, Մեկերեան ներկայ գտնուեցան մարզախաղերու յաղթանակի պարահանդէսին, ողջոյնի խօսք մը արտասանեց եւ նուիրատուութեամբ մը իր գործնական աջակցութիւնը յայտնեց Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի ծրագիրներուն։
ԱՐՁԱԳԱՆԳԸ- Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 12-րդ մարզախաղերը ունեցան մեծ արձագանգ։ Մամուլը լայնօրէն անդրադարձաւ բացման հանդիսութեան, այցելութիւններու օրուան եւ մրցումներու արդիւնքներու։ Ընկերային ցանցերու Yerkir.am, A1 plus, Strongartsakh, The Armenian Report, 301, Yerevan.today եւ Diaspora Armenians էջերը յատկացուցին յատուկ անդրադարձներ։
Մարզախաղերուն արձագանգեց մինչեւ իսկ The Azeri Times-ը… դատապարտելով բացման հանդիսութեան «Անջատողական» Արցախի դրօշին ծածանումը եւ քայլերգին հնչումը մայրաքաղաք Երեւանի «Հանրապետութեան» հրապարակին վրայ։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընկերային ցանցերը այս միջոցին ապրեցան աննախընթաց աշխուժութիւն։ Դիմատետրի էջի դիտումներուն թիւը անցաւ մէկ միլիոնը, իսկ Ինսթրակրամի էջի այցելուներուն թիւը՝ երեք միլիոնը։ Բազմաթիւ post-եր եւ կենդանի հաղորդումներ ներկայացուեցան շրջաններու ընկերային ցանցերու էջերուն հետ միասին։ Գործակցութիւն հաստատուեցան նաեւ այն արուեստագէտներուն հետ, որոնք հանդէս եկան մարզախաղերու գեղարուեստական յայտագիրներուն. Արաբօ Իսպիրեան (բացման հանդիսութիւն), Վիգէն Տիշքէնեան, Սուրէն Աճէմեան (Լիզպոնի ոգեկոչման երեկոյ) եւ Էրիք Կարապետեան (յաղթանակի պարահանդէս) անձնական էջերով բաժնեկցեցան իրենց ելոյթներուն Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընկերային ցանցերուն անդրադարձները։
Առիթէն օգտուելով, անծանօթներ ստեղծեցին մարզախաղերու մասին դիմատետրի կեղծ էջ մը (12th pan-Homenetmen Games 2025), որ սակայն շուտով փակուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի քարոզչական պատասխանատուներուն համապատասխան մարմիններուն մօտ բողոքի դիմումով։
«ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՍԵՆԵԱԿԸ»- Նախորդ մարզախաղերուն նման, այս մարզախաղերը եւս ունեցան իրենց «գործողութիւններու սենեակը»։
«Մարիոթ» հիւրանոցի առաջին յարկի «գործողութիւններու սենեակը», որ սկզբնապէս նախատեսուած էր մարզախաղերու քարոզչութեան սենեակը՝ media room-ը ըլլալու, դարձաւ մարզախաղերու կազմակերպչական, քարոզչական, հաշուական եւ յարաբերական աշխատանքները ղեկավարող կեդրոնը, ուր օրական 16-20 ժամ ներկայութիւն եղան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցչները, մարզախաղերու պատասխանատուները եւ «կարմիրները»՝ ընկերային ցանցերու խմբակի անդամները։
ԳԼԽԱՒՈՐ ՆԵՐԿԱՆ- Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական այս մարզախաղերուն գլխաւոր ներկան Արցախն էր, մարզական իր պատուիրակութեամբ եւ կամաւորներով, Արցախեան սկաուտական մշակութային ձեռնարկով եւ Դադիվանքի վանահօր՝ Յովհաննէս Քհնյ. Յովհաննէսեանի պատգամով։ Արցախը՝ իր դրօշով ու պէճով, Արցախի նահատակ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու ծնողներուն ձեռամբ վառուած Եռաբլուրի ջահով եւ Արցախի Թեմի Առաջնորդ Վրթանէս Եպս. Աբրահամեանի բացման հանդիսութեան արտասանած ոգեւորիչ խօսքով (խօսքին ամբողջութիւնը տեսնել Արցախի Թեմի Առաջնորդարանի կայքէջին մէջ՝https://artsakhdiocese.am/news/hama-hmym-akan-12-rd-khagheri-batsmum)։
Արցախը ներկայ էր մինչեւ իսկ…դաջուածքի ձեւով։ Արդարեւ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հարաւային Ամերիկայի շրջանէն եղբ. Վարդան Քէչէեան խանդավառուած՝ Արցախեան սկաուտական մշակութային ձեռնարկէն, ուսին վրայ դաջել տուած էր Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի մասնաճիւղին նշանակը։
ԼԻԶՊՈՆԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄԸ- Մարզախաղերու կազմակերպիչները, ինչպէս միշտ, Լիզպոնի հերոսական գործողութեան յիշատակը ոչեկոչեցին ազգային-յեղափոխական երգերու երեկոյով մը, որուն ընթացքին հանդէս եկան երգիչներ Վիգէն Տիշչէքէնեան եւ Սուրէն Աճէմեան։ Երեկոյին սկիզբը, օրուան խորհուրդը փոխանցեց Սիմոն Գաֆալեան։
ԲԱՑԱԿԱՆԵՐԸ- Ներկաներու կողքին, մարզախաղերը ունեցան բացականեր, որոնց յիշելու առիթները եղան անպակաս։ Սուրիոյ շրջանը իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով չմասնակցեցաւ այս մարզախաղերուն։ Բացակայ էր նաեւ նախորդ մարզախաղերուն «Տիպար շրջան»ի մրցանակին արժացած Հ.Մ.Ը.Մ. Թիֆլիսը։
Կարելի չէ չյիշել նաեւ Թեհրանի Հ.Մ.Ա.Կ.ը, որ մարզախաղերուն ներկայ կը գտնուէր հիւրաբար՝ լուրջ մրցակից հանդիսանալով բոլորին։ Նախորդ երկու մարզախաղերուն Հ.Մ.Ա.Կ. ներկայ էր 22 հոգինոց պատուիրակութեամբ։