We use cookies to improve user experience and analyze website traffic. Read about how we use cookies and how you can control them by clicking "Privacy Preferences".

Privacy Preferences I Agree

Նիւթեր

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ Թ. ՀԻՆԴԼԵԱՆ. ՆՈՐԱՀԱՍ ՍԵՐՈՒՆԴԻ ՀԱՅԱԿԵՐՏՄԱՆ ՀԻՄՆԱԴԻՐ Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆԸ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի գաղափարական ու բարոյական աւանդներու հունաւորման մէջ, գլխաւոր ներդրում ունեցած հիմնադիրներու շարքին, իր առանձնայատուկ տեղը կը գրաւէ մեծանուն հայ մանկավարժ ու փայլուն մտաւորական Յովհաննէս Թ. Հինդլեան, որ 16 Փետրուար 1950-ին, Պոլսոյ մէջ հրաժեշտ տուաւ մեր աշխարհին:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի... [...]

ԵՂԲ. ՀՐԱՆԴ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ. ԽՈՆԱՐՀ ՈՒ ՀԱՒԱՏԱՒՈՐ Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆԸ

Կեանքով ու խանդով լեցուն Հ.Մ.Ը.Մ.ականին համար մահ կա՞յ… թէ ոչ՝ մահը պարզապէս այլ տեղ ապրելու ձեւ մըն է։ Այլ տեղը մարդոց յիշատակներն են, յուշերը, հոգիներն ու մտքերն են։ Այլ տեղը նաեւ պատմութեան գիրքերն են, արխիւներն ու տեղեկագիրները, ուրկէ կարելի չէ ջնջել մէկու մը ներկայութիւնը,... [...]

Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆԸ ՏԿԱՐՈՒԹԻՒՆ, ՆԱՀԱՆՋ, ՁԱԽՈՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՆՁՆԱՏՈՒՐ ԸԼԼԱԼ ՉԻ ՃԱՆՉՆԱՐ

Հ.Մ.Ը.Մ.ը մարզական եւ սկաուտական մեծ միութիւն մը ըլլալով հանդերձ՝ է ու կը մնայ կրթական, մարզական, մարդկային եւ ազգային ու բարոյական վեհ ու ազնիւ սկզբունքներու հնոց, ի մասնաւորի մարդակերտումի, հայակերտումի եւ հայրենակերտումի իր սրբազան առաքելութեամբ:

Հ.Մ.Ը.Մ.ը իբրեւ այդպիսին... [...]

Ո՞Վ ԵՆՔ ՄԵՆՔ, ԻԲՐԵՒ Հ.Մ.Ը.Մ. ԵՒ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ, Ո՞ՒՐ Կ’ԵՐԹԱՆՔ ԵՒ ԻՆՉՈ՞Ւ Կ’ԵՐԹԱՆՔ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Վիգէն Աւագեանի ստորեւ տրուած խօսքը, սկզբունքով, պիտի արտասանուէր Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պաղտատի մասնաճիւղի հիմնադրութեան 75-ամեակին նուիրուած՝ Շրջանային 39-րդ մարզահանդէսին, 26 Սեպտեմբեր 2024-ին։
Օրին, Լիբանանի ծանօթ պայմաններուն բերումով, եղբ.... [...]

ՃԱՆՉՆԱՆՔ «ԱՐԺԱՆԵԱՑ» ՇՔԱՆՇԱՆԱԿԻՐ ԵՂԲ. ՕՇԻՆ ՓԻՐՈՒՄԵԱՆ

<p>Եղբ. Օշին Փիրումեան ծնած է Թեհրան,  12 Յունուար 1968-ին։ Սկաուտական շարքերու անդամագրուած է 1974-ին, Թեհրանի Հայ Մշակութային  «Արարատ» Կազմակերպութեան ճամբով։ 1978 Դեկտեմբերին տեղափոխուած է Մ. Նահանգներ եւ  փոխանցուած է տեղւոյն Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արարատ» մասնաճիւղի սկաուտական... [...]

Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-Ի 35-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԽՈՍՏՄԱՆ ԵՒ ԵՐԴՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի 35-ամեակի տօնակատարութիւններու ծիրէն ներս, Կիրակի, 17 Նոյեմբեր 2024-ի կէսօրէ ետք ժամը 4-ին, Երեւանի Պետական Համալսարանի մարզադահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ սկաուտական խոստման եւ երդման հանդիսաւոր արարողութիւն, ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի Կեդրոնական Վարչութիւններու,... [...]

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿԱՊԵՐՈՒ ՄԱՐՄԻՆԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ՝ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ-ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ՀԱՅՐԵՆԻ ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի միջ-դիւանական 11-րդ խորհրդաժողովի մասնակցութեան համար Երեւան ժամանած Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխարհասփիւռ շրջաններու պատասխանատուներու ներկայութենէն օգտուելով, Ուրբաթ, 15 Նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 7-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան հանրային կապերու մարմինը ծանօթացման հանդիպում-ընդունելութիւն... [...]

ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ ԱՌՑԱՆՑ Բ. ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ՁԵՌՆԱՐԿԵՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ՍՏԵՂԾՄԱՆ ԼՈՒՐՋ ՔԱՅԼԵՐՈՒ

Երեք տարի առաջ, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական առցանց առաջին համագումարով (6 եւ 13 Նոյեմբեր 2021) ազդանշանը տրուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի քարոզչական աշխատանքներու մեկնարկին՝ միութեան քարոզչական միջոցներու մէկտեղումի, համադրումի եւ համակարգումի ճիգին։

Տարի մը առաջ, Հոկտեմբեր 2023-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական... [...]

ՅԱՃԱԽ ՏՐՈՒՈՂ ՀԱՐՑԵՐ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԵՒ ՀԱՍԿ-Ի

1. Ի՞նչ է Հ.Մ.Ը.Մ.ը եւ ո՞րն է դրա նպատակները։

- Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը համահայկական, սկաուտական,          մարզական, երիտասարդական,   հասարակական կազմակերպութիւն է, որը հիմնադրուել է 1918 թ.ին Պոլիսում եւ զբաղւում է հայ երիտասարդների... [...]

«HRASHQ HEROES. A Special Place to Grow» ՕԳՏԱԿԱՐ ԵՒ ԵԶԱԿԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Նոյեմբեր 2024-ին, Լաս Վեկասի մէջ լոյս տեսաւ պատանի Րաֆֆի Պօղոսեանի «HRASHQ HEROES. A Special Place to Grow» անգլերէն պատկերազարդ գրքոյկը՝ նուիրուած յատուկ խնամքի կարօտ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Հրաշք» բաժանմունքի երեխաներուն։

Րաֆֆի Պօղոսեան երկրորդականի աշակերտ է Լոս Անճելըսի մէջ։ Ան «Հրաշք» բաժանմունքի... [...]

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 106-ԱՄԵԱԿԻ ՇՔԵՂ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ՝ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մակար Արք. Աշգարեանի, նախագահութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչերեանի, կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան, Կիրակի, 3 Նոյեմբեր 2024-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ տեղի... [...]

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 106-ԱՄԵԱԿԻՆ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ ԵՒ ԾԱՂԿԵՄԱՏՈՅՑ՝ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԻՆ ՈՒ ՆՈՐ ՆՆՋԵՑԵԱԼՆԵՐՈՒ ԵՒ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մակար Արք. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի 106-ամեակին առիթով, միութեան հին ու նոր ննջեցեալներու եւ նահատակներու յիշատակին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Կիրակի, 3 Նոյեմբեր 2024-ի առաւօտուն,... [...]

ԱՐՀԵՍՏԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆԸ ԴԱԴՐԵՑՆԵԼՈՒ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՀԱԼԷՊԻ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄԸ

Ստորեւ կը ներկայացնենք արհեստավարժութեան դրութիւնը դադրեցնելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի (տեղական անունով «Եարմուք» մարզական ակումբի) վարչութեան նամակը երկրի մարզական բարձրագոյն հեղինակութեան՝ մարզական ընդհանուր ֆետերասիոնին, 2024-2025 տարեշրջանին արհեստավարժութեան դադրեցման որոշումով։

10.10.2024

Նախագահ... [...]

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԲԵՐԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Շաբաթ, 2 Նոյեմբեր 2024-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչերեան, Հալէպ կատարած իր այցելութեան ծիրէն ներս, այցելեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդարան, ուր ջերմօրէն ընդունուեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մակար Արք. Աշգարեանի կողմէ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական... [...]

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Յետ-պատերազմեան լիբանանեան մարզական կեանքը ապրեցաւ շատ մը նորութիւններ. արհեստավարժութեան դրութեան որդեգրումը, մեծաթիւ օտար մարզիկներով ծախսալից խումբերու կազմութիւնը լիբանանեան ակումբներն ու միութիւնները դրին նոր իրականութիւններու դէմ յանդիման։

Իբրեւ լիբանանեան... [...]

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի 106-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԵՌՕՐԵԱՅ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ՝ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մակար Արք. Աշգարեանի, նախագահութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչերեանի, Շաբաթ, 2 Նոյեմբեր 2024-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի պարտէզի սրահին մէջ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային... [...]

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԽՄԲԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋ-ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԱՅԻՆ ԽՄԲԱՊԵՏԱԿԱՆ ՍԵՄԻՆԱՐԸ

Կիրակի, 24 Նոյեմբեր 2024-ին, «Աղբալեան-Հ.Մ.Ը.Մ.» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Խմբապետութեան միջ-մասնաճիւղային խմբապետական սեմինարը:

Սեմինարը մեկնարկն էր 2024-2025 տարեշրջանին, որ միջ-մասնաճիւղային ռալիի տարի յայտարարուեցաւ:

... [...]

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ՝ ՄԱՀԱՑԱԾ ԵՒ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԱԾ Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան նախաձեռնութեամբ, միութեան նահատակներուն եւ ննջեցեալներուն հոգիներուն համար հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Կիրակի, 8 Դեկտեմբեր 2024-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ։ Հոգեհանգիստին նախագահեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ... [...]

Privacy Preferences

When you visit any website, it may store or retrieve information through your browser, usually in the form of cookies. Since we respect your right to privacy, you can choose not to permit data collection from certain types of services. However, not allowing these services may impact your experience.